2010-12-14 13:32:01

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատռովատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի, այս շաբթուայ խբագրականի նիւթը եղաւ ՜՜անհանդրժողութիւնը քրիստոնեաներու դէմ ՝՝։
՜՜Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու դէմ անհանդրժողութիւն եւ խտրականութիւն տեղեկագիրը ուշադրութեան արժանի է՝՝, կը գրէ Հայր Լոմպարտին։
Յաճախ կը խօսուի բռնութիւններուն եւ անհանդրժողութեան մասին որուն կ`ենթարկուին Միջին Արեւելքի եւ այլ վայրեր ապրող քրիստոնեաները։
Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէն` Ասդանայի մէջ վերջերս գումարուած Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան խորհուրդի համաժողովին, իր միջամտութեան մէջ վճռակամ յայտարարած էր ՜՜ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է պայքարի քրիստոնեաներու հանդէպ անհանդրժողութեան եւ խտրականութեան դէմ, այնպէս ինչպէս կը պայքարի ուրիշ կրօնական հասարակութիւններու դէմ յայտնաբերուած ատելութեան պարագային՝՝։
Ապա Կարտինալ Պերթոնէն ներկայացուց ցանկը՝ զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցող անհանդրժողութեան ձեւերուն ։
Միւս կողմէն, Սրբազան Քահանայապետը եւս՝ Լոնտոնի Ուեսդմինսդեր Հոլի մէջ, վերջերս արտասանած ճառին մէջ արտայայտած էր իր ՜՜ մտահոգութիւնը կրօնի կղզիացման մասին ու մանաւանդ քրիստոնէութեան, նոյնիսկ այն երկիրներու մէջ ուր հանդրժողութիւնը կարեւոր տեղ կր գրաւէ՝՝։
Եւրոպայի մէջ ՜՜քրիստոնեաներու դէմ անհանդրժողութիւն եւ խտրութիւն՝՝ տեղեկագիրը կը նշէ այս իրողութիւններու ցանկը։
Ան հիմք մըն է որ կը հրաւիրէ լրջօրէն խորհրդածելու ու մտածելու` ոչ միայն անոնց համար որ քրիտոնէական համոզումով կ՛ընթանան այլ նաեւ այն բոլոր պարկեշտ անձերուն համար որոնք կը ձգտին պահպան կանգնիլ հանդրժողութեան, կրօնի եւ ազատ արտայայտուելու գաղափարականները։
Ինչպէս կը նշէր Նորին Սրբութիւնը Ուեսդմինսդեր Հոլի մէջ ՜՜կրօնը հարց մը չէ որ լուծումի կարօտ է, այլ իրողութիւն մը որ կը սատարէ քաղաքական բանավէճի։ Անգլիացիները ուշաադրութեամբ եւ յարգանքով ունկնդրած էին Սրբազան Հօր այս խօսքերը։ Յուսանք որ ուրիշներ եւս հետեւին անոնց։










All the contents on this site are copyrighted ©.