2010-12-14 13:35:44

Անհանդրժողութեան Ու Խտրականութեան Եւրոպական Դիտարանի Տեղեկագիրին Համաձայն Եւրոպայի Մէջ Անհանդրժողութիւնը Աճի Մէջ Է։


Անհանդրժողութեան ու խտրականութեան եւրոպական Դիտարանի 2010 տարւոյն 40 էջնոց տեղեկագիրը կը խօսի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած անհանդրժողութիւններու մասին Եւրոպայի մէջ վերջին 5 տարիներուն։
Քրիստոնէութեան դէմ աշխարհականացումի յարձակողական քաղաքականութիւնը ի յայտ կու գայ հանրային կեանքին մէջ։ Այդ ուղղութեամբ կը խօսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Ռուսիոյ պատրիարքը, երբեմնի անգլիոյ վարչապետը Թոնի Պլեր եւ Ետուարտ Կրին՝ Հաուարտ համալսարանի գիտաշխատող։ Ամէնքը կը նշմարեն թէ քրիստոնեաները հրապարակային կեանքին մէջ թիրախ են շատ մը նեղութիւններու։ Կրօնական ազատութիւնը ինքնին ենթարկուած է սպառնալիքի, հրապարակային եւ օրէնսդրական կեանքին մէջ։
Վերջերս Սպանիոյ մէջ դատաւոր մը պաշտօնազուրկ եղաւ իր կրօնական համոզումներուն համար։
Սրբազան Քահանայապետը պարտաւորուեցաւ ջնջել իր այցելութիւնը Հռոմի համալսարանը, յանուն աշխահրականացումի ֆրանսայի մէկ գիւղի մը մէջ արգիլուեցաւ մսուր պատրաստելը։
Եւրոպական Դիտարանը կը մատնանշէ թէ մամուլը առաջինն է որ կը գործէ քրիստոնէութեան դէմ։ Եւրոպական Դիտարանը կը գրէ որ՝ հարկաւոր չէ երթալ Փաքիստան կամ Չինաստան, զրպարտութիւն կամ նախատինք լսելու քրիստոնէութեան դէմ , կը բաւէ տեսնել թէ ինչ կը կատարուի Անգլիա , ֆրանսա կամ Իտալիա, առանց խօսելու Պոզնիայի եւ Թուրքիոյ մասին։
Կարտինալ Էրտօ` նախագահը Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդին դիտել տուաւ որ Եւրոպական Դիտարանը ազդու միջոց մըն է գոյացնելու ընկերութիւն մը աւելի յարգալիր կրօնական ազատութեան հանդէպ, յարելով որ այդ դիտարանը պիտի թիւրացնէ աւետարանութիւնը ու բարգաւաճումը ճշմարիտ հանրավարութեան, հիմնուած՝ հաւասարութեան վրայ։ Ըստ Կարտինալ Էրտոյի Եւրոպան պէտք ունի Աստուծոյ, պէտք ունի յիշելու իր քրիստոնէական արմատները եւ պէտք ունի նայելու դէպի ապագայ ամենայն իրապաշտութեամբ ու յոյսով։
Այս ուղղութեամբ վերջերս Անգլիոյ գահերէց կարտինալը՝ Օ'Պրայն հաստատած է թէ Եւրոպան կարիքն ունի կրօնական առաւել ազատութեան ։
Ան ընդգծեց հարկաւորութիւնը յարգելու եւ պաշտպան հանդիսանալու քրիստոնեաներու իրաւունքներուն։
Յիշեց սուրբ Թովմաս Մորը որպէս հարազատ քրիստոնեայ՝ որ պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու քան դաւաճանելու իր խղճմտանքը։ Նշենք թէ սուրբ Թոմաս Մոր` պաշտպան սուրբն է քաղաքական մարդոց։








All the contents on this site are copyrighted ©.