2010-12-14 12:18:37

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցին Մէջ Թուրքիա Պէտք է Գերմանիոյ Օրինակին Հետեւի »Կը Գրէ «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»


Պերլինի մէջ բացումը կատարուած է ՝՝Պերլինեան բացայայտում, հիթլերեան պատերազմէն պահպանուած արուեստի նմուշներ՝՝ խորագիրով ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են Գերմանիոյ նացիական վարչակազմէն պահպանուած արուեստի նմուշներ։ Այս կապակցութեամբ ամերիկեան ազդեցիկ ՝՝Տը Նիւ Եորք Թայմզ ՝՝օրաթերթը կը գրէ ՝՝Այս ցուցահանդէսը ներկայիս Գերմանիոյ անկեղծ փափաքն է դէմ յանդիման գալու սեփական պատմութեան ցաւոտ անցեալին հետ։ Ողջակիզումի ճանաչումը եւ սեփական անցեալին համար պատասխանատուութիւնը ճամբայ հարթեցին Գերմանիոյ համար՝ դէպի պատուաւոր ապագայ՝՝։
Օրաթերթը կը շեշտէ, որ ներկայիս 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութենէն խուսափող Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է Գերմանիոյ օրինակին հետեւի։







All the contents on this site are copyrighted ©.