2010-12-13 12:44:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Ս. Մասսիմիլիանօ Գոլպէ-ի Ժողովրդապետութիւն Կատարած Այցելութեան Առթիւ։


Նորին Սրբութիւնը կիրակի 12 դեկտեմբերին հովուական այցելութիւն կատարեց Հռոմի Սուրբ Մասսիմիլանօ Գոլպէյի Ժողովրդապետութիւն, ուր մատոյց սուրբ պատարագ։ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ ըսաւ.
Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր, Յիսնակացը հրաւէր մըն է բոլորիս, թոյլ տալու Աստուծոյ որ մուտք գործէ մեր կեանքէն ներս, մեր տուներուն ու մեր համայնքին մէջ որպէսզի կարենանք տեսնել ՜՜Լոյսը՝՝։
Կը յորդորեմ բոլորդ , նպաստելու հասարակութեան կառուցման՝ յատկապէս կրօնուսուցումի, ծիսակատարութեան եւ եղբայրօգնութեան մարզերէն ներս։
Ոչ մէկ հասարակութիւն կարող է կղզիացած ապրիլ, յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Ապա խօսելով Սուրբ Մասսիմիլանօ Գոլպէյի Ժողովրդապետութեան մասին ըսաւ.
ձեր Հասարակութիւնը՝ կազմուած է կեդրոնական եւ հարաւային Իտալիայէն ժամանած ընտանիքներէ, որոնց, վերջերս միացան արեւելեան Եւրոպայէն ժամանած շատ մը անհատներ ու ընտանիքներ, այս իրողութենէն մեկնելով, փորձեցէք յառաջ ընթանալ մէկը միւսին հետ կապ պահելով, իրար հասկնալով ու յարգելով իւրաքանչիւրին մշակոյթը ու սատարելով եղբայրօգնութեան ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, եկեղեցին, նշեց ան, շատ բան կ՛ակնկալէ ձեզմէ` ձեր խանդավառութենէն` ձեր յառաջ նայելու կարողութենէն եւ ձեր կեանքի վճռակամ ընտրանքի բաղձանքէն։
Նկատեցէք դուք ձեզ, իսկական դերակատաներ ժողովրդապետութեան կեանքէն ներս, Աստուծոյ եւ ձեր եղբայրակիցներու տրամադրութեան տակ դնելով ձեր ողջ կորովը։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր ՜՜ հարց կը տրուի Յիսուսին թէ ի՞նքն է իսկական Մեսիան, կամ թէ պէտք է ուրիշ մը սպասեն որպէսզի աշխարհի ընթացքը փոխուի՜՜։
Վերջին դարաշրջանին, ըսաւ նորին սրբութիւնը, շատ մեսիաներ յայտնաբերուեցան հերքելով Քրիստոսի Գալուստը ու աշխարհին յայտարարելով թէ իրենք պիտի կարենային յեղաշրջել աշխարհը։ Անոնք եկան եւ անցան, ու բերին իրենց խոստումներով միայն աւերում ու կործանում, եւ այս ամէնը մենք այսօր լաւ ըմբռնած ենք։ Եւ ասոր համար մենք ալ մեր ալ կարգին հարց կու տանք Քրիտոսին դուն ե՞ս Մեսիան, եւ Մեր Տէրը իր լռութեամբ մեզի կը պատասխանէ ՜՜դիտեցէք թէ ինչ ըրի՝՝։ Յեղափոխութիւն չկատարեցի, չ՛ուզեցի ուժգնութեամբ աշխարհը փոխել այլ պարզապէս լոյսեր վառեցի որոնք ժամանակի ընթացքին դարձան լուսաւորութեան ճանապարհ մը։
Մենք ալ սիրելի եղբայրներ, սկսինք քալել այս ճանապարհէն օրինակ առնելով Սուրբ Մասսիմիլիանօ Գոլպէյէն որ իր կեանքը տուած էր ընտանիքի հայր մը ազատելու համար։Ան իր կարգին եղաւ լոյս եւ եղաւ օգտակար ուրիշներուն։ Օրինակ առնենք Մայր Թերեզայէն որ այնքան լոյս ընծայեց խաւարի մէջ ապրողներուն, որ իրենց մահկանացուն կնքեցին ժպիտով, քանի որ տեսած էին ՜՜Աստուծոյ Սիրոյ Լոյսը՝՝։
Աստուած մօտ է մեզի, բայց մենք շատ անգամ հեռու ենք իրմէ։
Մօտենանք իր անհուն լոյսին ու աղօթենք որպէսզի մենք ալ մեր ալ կարգին դառնանք շողշողուն լոյսեր ուրիշներուն համար։
Այս ուրախութեամբ ընթանանք դէպի Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնը, հետեւելով՝ Ս. Կոյս Մարիամին որ աղօթելով եւ ուրախութեամբ սպասեց Փրկչին ծնունդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.