2010-12-13 13:42:35

Հայաստանի Նախագահ եւ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 դեկտեմբերին գումարած է Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։


Այս առթիւ քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած է Հայաստանի սպառազինութեան եւ զինուորական սարքաւորումներու 2011-2015 թուականներու զարգացման պետական ծրագիրը։ Ծրագիրը կը հանդիսանայ Հայաստանի զինեալ ուժերուն մէջ իրականացուող միջնա-ժամկէտ ծրագրաւորման աշխատանքներու արգասիքներէն մէկը եւ մշակուած է 2008 թուականին սկսած Հայաստանի պաշտպանութեան ռազմավարական վերատեսութեան նախորդ հանգրուաններու արդիւնքներուն հիման վրայ։ Ծրագիրը կը նպատակադրէ Հայաստանի անվտանգութեան ռազմական սպառնալիքներուն չէզոքացման համար անհրաժեշտ միջոցները ապահովել։ Նիստի ընթացքին նշուած է, որ նորագոյն զինամթերքի ձեռք բերման իբրեւ արդիւնք զգալիօրէն պիտի բարձրացուի Հայաստանի զինեալ ուժերուն մարտունակութիւնը, ծրագիրին իրականացումը պիտի ընդլայնէ նաեւ Հայաստանի զինուորական անվտանգութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.