Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիներուն Նախագահը
Շաբաթ 11 Դեկտեմբեր 2010-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական
Եկեղեցիներու Նախագահ Քլոտ Պաթի, որուն կ’ընկերանար Աքսիոն Քրէթիէնի նախագահ Իվ Կունել,
ինչպէս նաեւ վարչութեան երկու անդամները եւ Վեր. Ռ. Սարգիսեան: Վեհափառ Հայրապետը
ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները,
Միջին Արեւելքի մէջ Եկեղեցիներու այժմու կացութիւնն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս
նաեւ Կաթողիկոսութեան ներդրումը միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս, տեղական թէ միջազգային
մակարդակներու վրայ: Ք. Պաթի եւ անոր ընկերակիցները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին
իրենց Միջին Արեւելեան առաքելութիւնը, եւ զանազան հարցումներով ուղղութիւն խնդրեցին Արամ
Ա. Կաթողիկոսէն, ընդհանրապէս տարածաշրջանի եկեղեցիներուն ու համայնքներուն հետ իրենց
հանդիպումներու ծիրէն ներս: