2010-12-12 08:27:41

Սրբազան Քահանայապետի Կողմէ 11 Նոր Երանելիներու Վաւերացում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը վաւերացուց որ Սուրբերու դատի ժողովը հրապարկէ 11 Աստուծոյ ծառաներու երանացումը, ճանչնալով ոմանց կատարած հրաշքները եւ ուրիշներու նահատակութիւնը, անոնց կարգին գերմանացի քահանայ մը որ բանտի մէջ վախճանեցաւ նացիական վարչակարգին ընթացքին, իսկ 6 սպանացիներ նահատակուեցան քրիստոնէական հաւատքին համար քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն 1936-1939։

Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը ընդունեց հերոսական առաքինութիւնները Աստուծոյ 4 ծառաներուն եւ հռչակեց սրբադասումը իտալացի երանելի Կուիտօ Մարիա Գոնֆորթիի, որ ապրեցաւ 1865-1931։ Այս վերջինը եղաւ Իտալիոյ Բարմա քաղաքի առաջնորդը։ Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետէն 1996ին, ան հիմնադիրն էր միսիոնարական քահանայապետական միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.