2010-12-12 08:28:21

Ս. Աթոռին եւ Լիթուանիոյ Երկկողմանի Բարի Յարաբերութիւնները Կ՝ամրապնդուին։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը վերջերս մատնանշած է թէ Լիթուանիայի կառավարութիւնը եւ Ս. Աթոռը միացեալ յայտարարութեամբ՝ իրենց կամքը յայտնած են ''երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու'' հզօրացման։ Լիթուանիան, կը կարդանք հաղորդագիրին մէջ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ դրական ներկայութենէն մեծապէս կ'օգտուի։ Յայտնենք թէ անցեալ 10 դեկտեմբերին Լիթուանիոյ նախագահը Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին մասնաւորապէս խօսեցաւ ընտանիքի ու երիտասարդութեան դերին մասին ընկերութեան մէջ։ Խօսակցութեան աւարտին նախագահը Սրբազան Հօր նուիրեց 1879 թուակիր ''ոսկիէ փոքր մատեանը''։ Յայտնենք թէ ''երկնային հարստութեան ոսկիէ մատեան'' 12 սանդիմնոց այս աղօթագիրքը լատինատառ գիրերով գաղտնաբար տպագրուած էր, քանի որ այդ շրջանին ռուսերը կ'արգիլէին լատիներէն գիրերու գործածութիւնը։

Նշենք որ Լիթուանիոյ բնակչութեան 79 տոկոսը կաթողիկէ է, օրթիոտոքսները կը ներկայացնեն 4 տոկոսը, իսկ բողոքականները 2 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.