2010-12-12 13:52:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

կիրակի 12 դեկտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Յիսնակաց այս Գ կիրակին ծիսակատարութիւնը մեզի կ'առաջարկէ խորհրդածել Յակոբ առաքեալի հետեւեալ յորդորին վրայ. ''Եղբայրներ, համբերեցէք մինչեւ Տիրոջ գալուստը։ Տեսէք, մշակը ի՞նչպէս համբերութեամբ կը սպասէ երկրի ազնիւ պտուղին։ Հարկաւոր է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այսօր եւս համբերութիւն ու յարատեւութիւն ունենալ։ Յիսնակացը մեզ կը կանչէ վստահութեամբ սպասել Տիրոջ գալուստը։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած երախաները, որոնք իրենց հետ բերած էին Մանուկ Յիսուսի արձանը, որ Տիրոջ Ծննդեան ճարագալոյսին տան միսուրին մէջ պիտի զետեղեն։

Հուսկ Սրբազան Հայրը ներկաներուն յիշեցուց թէ յառաջիկայ հինգշաբթի օրը` 16 դեկտեմբեր, յետմիջօրէին, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամասացութիւնը պիտի գլխաւորէ մասնակցութեամբ Հռոմի համալսարաններու ուսանողներու հետ ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց խնդրելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամէն օգնութեան հասնիլ երկրագունդի բոլոր ժողովուրդներուն, եւ մասնաւորապէս քրիստոնեաներուն, որպէսզի իրենց սիրտը բանան խաղաղութեան եւ ուրախութեան, եղբայրակցութեան ու արդարութեան Աւետարանին։ Բարի կիրակի ամէնուդ։

իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։

նախապէս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւն կատարեց Հռոմի Սուրբ Մասիմիլիանօ Քոլբէի նուիրիուած ժողովրդապետութեան, որ կը գտնուի Հռոմի մէկ արուարցանը։ Նորին Սրբութիւնը նախ տեսակցութիւն ունեցաւ ժողովրդապետութեան թաղական մարմնին հետ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն երիտասարդներու եւ մանուկներու հետ։Սրբազան Հօր այցելութիւնը աւարտեցաւ ս. Պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.