2010-12-12 08:29:09

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420-1496).


Հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներու շարքին արժանաւոր իր տեղը ունի բնագէտ ու բժիշկ, մատենագիր եւ բառարանագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որուն վախճանման 514րդ տարելիցը լրացաւ՝ 8 Դեկտեմբերին։

Յատկապէս բժշկագիտութեան մէջ իր ժամանակի մեծանուն հեղինակութիւններէն մէկը հանդիսացաւ 1420-ականներուն Ամասիա ծնած Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որ ոչ միայն իր անունով, այլեւ գիտական վաստակով կը նկատուի ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը միջնադարեան՝ Արաբական տիրապետութեան դարաշրջանին։

Իբրեւ այդպիսին, Ա. Ամասիացին մեծահռչակ մարմնաւորող մը եղաւ հայ գիտական մտքի ճառագայթող լոյսին, որ ինքնավստահ ու համարձակ նետուեցաւ իր դարու տիրական մշակոյթներու անդաստանին մէջ, քայլ պահեց բիւզանդական թէ արաբական ու պարսկական քաղաքակրթութեանց ատենի նորարար որոնումներուն հետ, տարբեր ածուներէ քաղեց ընտիրն ու մնայունը եւ ստեղծեց հայոց փոքր ածուին արժանաւորութիւնը հաստատագրող բարձրորակ աշխատութիւններ։

Միջնադարեան քաղաքակրթական խաւարը յաղթահարելու ընդհանուր զարթօնքին մէջ, Ամիրտովլաթ Ամասիացի ինքնուրոյն վկաներէն մէկը եղաւ հայ ժողովուրդի ունեցած մեծ ներդրումին։

Հանրագիտական տեղեկութիւնները ժլատ են Ամասիացիի կենսագրութեան մասին։ Ան շրջած է Արեւելքի տարբեր երկիրներն ու մշակութային կեդրոնները, ծանօթացած ու հմտացած է իր ժամանակի գիտականմտաւորական յառաջապահ շարժումներուն հետ եւ տարիներու վրայ երկարած իր ուսումնասիրութեանց ու յայտնագործումներուն արգասիքը գրի առած ու հետագայ սերունդներուն ժառանգ կտակած է։

Ա. Ամասիացի բժշկութիւնը սորված է Միջագետքի մէջ։ Տիրապետած է յունարէնին, լատիներէնին, պարսկերէնին, թուրքերէնին եւ արաբերէնին։ Յատուկ կեդրոնացումով ուսումնասիրած է հին եւ միջնադարեան բժշկութիւնը, որուն զարգացման նուիրեց գիտական իր պատրաստութիւնն ու տաղանդը։

Իր կեանքին մեծագոյն մասը Ա. Ամասիացի անցուց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր եւ գրեց իր կարեւորագոյն աշխատութիւնները։

Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացին հայ բժշկական գրականութիւնը հարստացուց արժէքաւոր երկերով, որոնք կընդգրկեն միջնադարեան բժշկագիտութեան եւ դեղագիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը։

Իրմէ հասած առաջին աշխատութիւնը՝ Ուսումն բժշկութեան, նուիրուած է մարդու մարմնաբանութեան, առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերուն։ Գիրքը ունի երկու մաս. առաջինը՝ մարդակազմութիւն, երկրորդը՝ ախտաբանութիւն, ուր մանրամասն նկարագրուած են հիւանդութիւններու պատճառագիտութիւնը, դարմանման կարիքը շեշտող ախտանիշները, հիւանդի բուժումը եւ խնամքը։

Հոգեբուժութեան բնագաւառէն ներս մնայուն արժէք կը ներկայացնեն Ա. Ամասիացիի մշակած տեղեկութիւններն ու տեսութիւնները ։ Կանացի հիւանդութիւնները եւս արժանացած են Ամասիացիի ուշադրութեան։ Իսկ աչքի հիւանդութիւններուն Ա. Ամասիացի նուիրած է 20 գլուխ, քիթկոկորդ-ականջաբանութեան՝ 15 գլուխ։ Մանրամասն նկարագրած է ականջաբորբերը, քիթի փոլիփները եւ անկինաները։

Ամասիացիի միւս կարեւոր գործը՝ Ախտապատին աշխատութիւնը բաղկացած է երկու մասերէ. դեղագործութիւն եւ դեղագիտութիւն։ Առաջին մասին մէջ զետեղուած են դեղատոմսեր. մանրամասն նկարագրուած են դեղանիւթերը, անոնց բաղադրութիւնը, օգտագործման քանակը եւ պահպանման միջոցները։ Երկրորդ մասով տրուած են դեղերու անունները, անոնց ազդեցութիւնը մարմիններու վրայ եւ ցուցմունքներ՝ անոնց օգտագործման մասին։

Ա. Ամասիացիին ծանօթ եղած են բուսական, կենդանական եւ հանքային ծագում ունեցող դեղերը, ինչպէս նաեւ անոնց բաղադրիչ նիւթերը։ Ան օգտագործուող բուսանիւթերը բաժնած է ընտանի եւ վայրի տեսակներու՝ յաճախ նախապատուութիւն տալով վերջինին։ Իբրեւ օգտաւէտ դեղամիջոց առաջարկած է գործածել կենդանիներու օրկանները։ Ամիրտովլաթ Ամասիացին թողած է աւելի քան 100 դեղատոմս՝ գրուած պարզ լեզուով, զերծ ծածկագրերէ եւ յստակօրէն նշելով դեղատոմսերու մէջ ընդգրկուած դեղերու բաղադրիչ նիւթերուն կշռային յարաբերութիւնները։

Ամիրտովլաթ Ամասիացի գիտական ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է նաեւ աստղաբաշխութեան առընչուած հարցերը։ Հայ մեծ գիտնականը ապրեցաւ շուրջ 76 տարի եւ վախճանեցաւ 8 Դեկտեմբեր 1496ին, Պուրսա։ Իրեն կը պատկանի աւելի քան 514 տարիներ առաջ յայտնագործուած բժշկագիտական այն ախտորոշումը, թէ Վախը, տրտմութիւնը եւ բարկութիւնը մահաբեր հիւանդութեանց պատճառ կ՝ըլլան։







All the contents on this site are copyrighted ©.