2010-12-12 08:29:23

՜՜Համակարգչային Աստուածաշունչ՝՝ի Մասին Դասախօսական Երեկոյթ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ։ Լիբանան։


Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, հինգշաբթի, 9 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Համակարգչային Աստուածաշունչը»։

Դասախօսութիւնը ներկայացուց Ֆրանսայէն դոկտ. Արի Թոփուզխանեան որ Լիբանան կը գտնուէր։ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ դոկտ. Թոփուզխանեան Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ամսաթերթ «Բանբեր»ի պատուոյ խմբագիրն է, ան նաեւ գիտաշխատող է Լիոնի համալսարանին մէջ։ Վեր. Քիլաղպեան աւելցուց, որ դասախօսը անդամ է նաեւ «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան, որ հայրենիքի մէջ տարեկան հինգ հարիւր մանուկներու օժանդակութիւն կը տրամադրէ։ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան հաստատեց, որ այսօր «համակարգիչի դարն է», եւ պէտք է նոր սերունդին համակարգիչին ճամբով ծանօթացնել Աստուածաշունչը՝ փոխանցելով քրիստոնէական դաստիարակութիւն։

Ապա խօսք առաւ օրուան դասախօսը՝ դոկտ. Արի Թոփուզխանեան, որ փաուըր փոյնթով նախ ներկայացուց 2001-ին վերահրատարակուած Աստուածաշունչը, որ լեզուական պատշաճեցումներու ենթարկուած է։ Ան հաստատեց, որ Աստուածաշունչը պէտք է քսանհինգ տարին անգամ մը վերահրատարակուի, քանի որ լեզուն զարգացման կ՚ենթարկուի, եւ պէտք է ժամանակակից լեզուամտածողութիւնը որդեգրել։ Խօսելէ ետք կատարուած լեզուական փոփոխութիւններուն մասին՝ Թոփուզխանեան ներկայացուց Աստուածաշունչի համակարգչային ծրագիրը, որուն մէջ տեղադրուած են ութ տարբեր լեզուներ։ Դոկտ. Արի Թոփուզխանեան յայտնեց, որ այս ծրագիրը մատչելի է եւ գործածութիւնը շատ պարզ է, որպէսզի երիտասարդները արդի սարքին ճամբով ծանօթանան Աստուածաշունչին







All the contents on this site are copyrighted ©.