2010-12-11 13:00:02

Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Յայտարարութիւնը Ուիքիլիքսի Հրատարակած՝ Վաւերաթուղթերու Մասին։


Անդրադառնալով Ուիքիլիքսի հրատարակած՝ վաւերաթուղթերուն, Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնած է թէ՝ առանց խորացնելու եւ քննարկելու հրատարակուած գաղտնի եւ մտերմական վաւերաթուղթերու պարունակութիւնը վերաբերող այն թղթածրարին որ Սուրբ Աթոռի մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանութիւնը ղրկած էր, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան, Վատիկանի մամլոյ Գրասենեակը կը նշէ թէ՝ այս թղթածրարներու պարունակութիւնը կ՛արտայայտէ պարզապէս զանոնք շարադրողներու գաղափարն ու տպաւորութիւնները, եւ ոչ մի ձեւով կրնան վերագրուիլ Սուրբ Աթոռին կամ Սուրբ Աթոռը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն։ Հետեւաբար այս ուղղութեամբ է որ պէտք է արժեւորուին անոնց հաւաստիութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.