Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ռոնալտ Լոտեր՝ նախագահը հրէական համաշխարհային խորհուրդին
։ Ուրբաթ օրը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ երկրորդ
անգամուան համար ընդունեց հրէական համաշխարհային խորհուրդի նախագահը։ ՜՜Հրէական համաշխարհային
խորհուրդը՝՝ միջազգային դաշնակցութիւն մըն է հրէական բոլոր կազմակերպութիւններու, հիմնուած՝
1936-ին Ժընեւ, եւ որուն աթոռն կը գտնուի Նիւ Եորք։ Ներկայիս անիկա կը ներկայացնէ աւելի
քան 80 երկիրներու մէջ ապրող հրեաները։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունեց
Հիւսիսային Սպանիոյ՝ Ուրժել Թեմի Առաջնորդը, Որ Միաժամանակ Համաիշխանն է ՜՜Անտոռա՝՝ Իշխանապետութեան։
Անոր կ'ընկերանար 10 հոգինոց պատուիրակութիւն մը ներառեալ Անտոռայի արտգործ
նախարարը Տիար Կզավիէ Միրօ'։ Յայտնենք թէ յառաջիկայ 16 դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը
պիտի ընդունի Անտոռայի նոր դեսպանը։