2010-12-11 12:31:20

Նախագահ Սարգսեան Ղարաբաղի Ճանաչման Մասին Խօսեցաւ Նաեւ Մոսկուայի Մէջ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարեց որ եթէ ՝՝Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական նոր սադրանք տեղի ունենայ, Հայաստան այլընտրանք պիտի չունենայ եւ ստիպուած պիտի ըլլայ նովին գործով ճանչնալու Ղարաբաղի Անկախութիւնը՝՝։ Ան աւելցուց, որ այդ պարագային Հայաստան իր ունեցած բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան կ՝աջակցի՝ Ղարաբաղի խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու մասին միջազգային տարբեր ատեաններուն, որոնց շարքին Հաւաքական Անվտանութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ ԱՊՀ-ի կողմէ ընդունուած որոշումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.