2010-12-11 13:02:38

Կամաւորներու Օրուայ Նշում Լիբանանի Մէջ։


Շաբաթ, 4 դեկտեմբերին կամաւորներու օրը, Լիբանանի Օգնութեան Խաչը, հանդէս եկաւ յիշատակի ու կամաւորներու գնահատանքի ինչպէս նաեւ անոնց յաւելեալ խորհուրդներ ու ցուցմունքներ տուող աշխատանքի նորանոր ուղիներ բանալու նախաձեռնութեամբ մը, Ազդակի Փիւնիկ սրահին մէջ։
Մարալ Հարպոյեանի բացման խօսքէն ետք, որ լուսարձակի տակ առաւ համայն աշխարհին մէջ ամենայն նուիրուածութեամբ, ծառայութեան պատրաստակամութեամբ կամաւոր աշխատանքի լծուածներու գոյութիւնը՝ նպատակ ունենալով բարելաւել մարդկութեան կացութիւնը։ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք Խաչերեան, հաստատեց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի գոյութեամբ եւ անոնց տարած աշխատանքով հպարտ ըլլալու իրաւացիութիւնը՝ նշելով, որ այս նուիրական աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ, երբ անիկա կը կատարուի հաւաքաբար եւ յստակ նպատակներու համար, ինչպէս է պարագան այս զոյգ կառոյցներուն։ Ան անդրադարձաւ մեր ընկերութեան եւ յատկապէս ընտանիքին մէջ կնոջ մեծ ու ազդու դերակատարութեան ։
Իր խօսքի աւարտին Գեղամ արք Խաչերեան ողջունեց կամաւորները, որոնք անգին աշխատանք կը տանին, սահման չունեցող ծառայութեան լծուած են եւ այդ պատճառով ալ անոնց գործը սրբազան է։









All the contents on this site are copyrighted ©.