2010-12-10 12:29:34

Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարը Պաշտօնանկ Եղած..


Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագիրով՝ Գէորգ Դանիէլեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն, պաշտօնէական պարտականութիւնները ոչ-պատշաճ ձեւով կատարելուն պատճառով։
Լաւատեղեակ աղբիւրներ ՝՝tert.am՝՝ին յայտնեցին, որ Հայաստանի նախագահական նստավայրի ընդհանուր հաշուապահ Անահիտ Զաքարեան եւ ուրիշ 4 աշխատակիցներ եւս ազատ կացուցուած են իրենց պաշտօններէն։ Կը նշուի, որ աշխատանքէն ազատ կացուցուելու պատճառը տնտեսական չարաշահումներն են, զորս հաշուապահը կատարած է տակաւին նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.