2010-12-10 12:49:42

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


՜՜Հայաստանի Լեռներու Սրնգահար՝՝ Վահէ Աշգարեան։
Վահէ Աշգարեանը կը պատկանէր մուսալեռցիներու այն սերունդին, որ աչքերը բացաւ Այնճարի անապատին մէջ եւ կրցաւ վերապրիլ Այնճարի առաջին տարիներու մահաբոյր գաղթակայանէն (վրաններու տակ), իր մորթին վրայ կրելով բոլոր չարչարանքները մուսալեռցի գաղթականներու, որոնք անօթի, ծարաւ, նետուած էին Այնճարի տափաստաններուն մէջ։
Մուսալեռցիք հարիւրաւոր գաղթականներ զոհ կու տային Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն եւ մեծ բախտ էր փրկուիլը մալարիայէն, փորհարութենէն, սառնամանիքէն եւ անօթութենէն։
Հակառակ տիրող պայմաններուն, Վահէն կրցաւ դպրոց յաճախել եւ նախնական կրթութիւնը Այնճարի մէջ ստանալէ ետք, շարունակեց ուսման ճանապարհը Վիեննայի Մխիթարեաններու մօտ, շուրջ չորս տարի։
Վերադարձաւ Այնճար, շարունակելով իր ուսումը Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ, որմէ ետք շարունակեց իր համալսարանական ուսումը, նախ Հայկազեան համալսարանին մէջ եւ ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, հետեւելով քիմիագիտութեան մասնագիտութեան։ Փայլուն կերպով աւարտելով ուսումը, Վահէն ի յայտ բերաւ իր բազմաշնորհ ըլլալու կարողութիւնները, որ պատճառ դարձաւ, որ ամերիկեան համալսարանի պատասխանատուները պաշտօնի հրաւիրեն զինք։ Խորքին մէջ համալսարանի պատասխանատուները ուզեցին չկորսնցնել իրենց օժտուած եւ փայլուն շրջանաւարտը, քաջ գիտնալով, որ այդ քայլով համալսարանը մեծ օգուտներ կրնայ ձեռքբերել։
Ճիշդ ալ այդպէս եղաւ։ Վահէ Աշգարեանը դարձաւ Ամերիկեան համալսարանի Պեքայի կեդրոնին ամէնէն տիրական եւ ամէնէն սիրուած պատասխանատուն, ուր տարաւ բազմաճիւղ աշխատանքներ։
Ուրեմն գաղթի ճամբան ծնած Վահէ Աշգարեանը (1939), վրաններու տակէն բարձրանալով հասաւ բարձր պատասխանատու պաշտօնի՝ բացառապէս իր կարողութիւններուն եւ օժտուածութեան շնորհիւ։
Ահաւասիկ կենդանի օրինակ մը ամուր նկարագրի, օժտուածութեան եւ աշխատանքի յաջողութեան։ Վահէ Աշգարեանը մէկն է որ պատիւ կը բերէ իր ընտանիքին, իր գիւղին եւ իր ժողովուրդին։
Ան արուեստի մասին ոչ թէ միայն սէր ունէր, եւ հիացմունք՝ այլեւ արուեստի, յատկապէս երաժշտութեան եւ թատրոնի խենթ էր։ Բացառիկ ընդհանուր զարգացում ունէր՝ զոր ամբարած էր ինքնաշխատութեամբ։
Եղաւ Համազգային Պ Սեւակ մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ թատրոնի ծիրին մէջ ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն։ Կարեւոր դեր ունեցաւ Լուսարձակ 40 թատերախումբի հիմնադրութեան մէջ եւ բեմադրեց շարք մը գործեր, որոնցմէ անմոռանալի պիտի մնայ Համաստեղի Հայաստանի լեռներու սրնգահարը։ Փաստօրէն ան դարձաւ թատերական իր աշխատանքներու փառաւոր պսակը, զոր ոչ թէ բեմադրեց, այլ ապրեցաւ եւ իր երազին կենդանութիւն տուաւ ստեղծելով իր սրնգահարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.