Pax Christi - Քրիստոսի խաղաղութիւնը կոչուած միջազգային կազմակերպութիւնը չորեքշաբթի
8 դեկտեմբեր 2010-ին, Գիրգուգի Գաղտէացի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Լուիս Սագոյին շնորհեց
2010-ի խաղաղութեան մրցանակը։ Մրցանակի տուուչութիւնը տեղի ունեցաւ ֆրանսական եպիսկոպոսական
համահաւաք դասի՝ կեդրոնի մէջ ( Փարիզ)։ Գերապայծառ Սագոն փոքրամասնութիւններու գլխաւոր
պաշպանններէն մին է ու նաեւ Իրագի ժողովրդականացումի եւ համերաշխութեան դժուար ընթացքի
Փաստաբան մը։ Ան եղած է նոյնպէս միջկրօնական երկխօսութեան անխոնջ նախաձեռնող մը։
Pax Christi-ի այս մրցանակի տուուչութիւնը կ՛ուզէ քաջալերանք հանդիսանալ Միջին Արեւելքի
ապագային համար ու բոլոր անոնց որոնք կ՛օժանդակեն խաղաղութեան եւ համերաշխ կեանքի հաստատումին։