2010-12-10 12:19:08

 Նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի Մէջ։


Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարսեան մասնակցեցաւ Եւրասիական Տնտեսական Ընկերակցութեան միջպետական խորհուրդի 29-րդ նիստին։ Նիստին մասնակցեցան Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Եւրասիական Տնտեսական ընկերակցութեան մէջ դէտի կարգավիճակ ունեցող պետութիւններուն ղեկավարները։ Նշենք, որ Հայաստան 2003 թուականէն ի վեր դէտի կարգավիճակ ունի այս կազմակերպութեան մէջ։
Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը նաեւ պիտի մասնակցի Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական Անվտանութեան Խորհուրդի նստաշրջանին եւ ԱՊՀ-ի մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի նիստին։







All the contents on this site are copyrighted ©.