2010-12-10 13:00:08

10 Դեկտեմբեր 1991՝Արցախի Անկախութեան Հանրաքուէին Օրը


Դեկտեմբեր 10ին, Արցախի Հայութեան հետ, մեր ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերէն տօնեց 19-րդ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան Հանրաքուէին։ Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի այն օրը, երբ Արցախի Հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով ՝՝Այո՝՝ պատասխանէ Անկախութեան Հանրաքուէին։ Քուէարկութեան մասնակցեցաւ բնակչութեան հարիւրէն 82,2 տոկոսը, որուն 99,9% տոկոսը ՝՝կողմ՝՝ քուէարկեց ՝՝Անկախութեան՝՝ վճռելով Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալ, համաձայն 1990- ի Ապրիլ 3 թուակիր խորհրդային օրէնքին, որ այդ ժամանակ ուժի մէջ էր եւ միջազգային ճանաչում ունէր։
Անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքով՝ Արցախը 1992ի Յունուար 6-ին Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ հռչակուեցաւ Անկախ Պետութիւն։
Գերագոյն զոհաբերութեան գնով Արցախն ու Ողջ Հայութիւնը նուաճեցին Անկախութեան Հանրաքուէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.