2010-12-09 13:27:23

Վատիկանի Մէջ Տեղի Կ'ունենան Յիսուսի Ս. Ծննդեան Տօնի Պատրաստութիւնները։


Յիսուսի Ս. Ծննդեան պատկերացումը եղող Մեծ Մսուրը , Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ կը գրաւէ շուրջ 300 մեթր քառակուսի տարածութիւն մը ։ Մեծ Մսուրի կառու ցումը փափաքն էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին , ուստի առաջին անգամ 1982ին բարձրացաւ հսկայ Մսուր մը Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ։ ։ Այս տարուայ կաղանդի 29 մեթր բարձրութեամբ Եղեւին , նուէրն է Իտալիոյ Պոլցանօ մարզին, եւ որուն լուսաւորումը տեղի կ'ունենայ 17-դեկտեմբերին,Սրբազան Հօր ներկայութեամբ
1983ին Աւստրիան եղաւ առաջին երկիրը որ Տօնածառը նուիրեց Վատիկանին,որմէ յետոյ, ամէն տարի կամ Իտալիոյ մէկ մարզը, կամ օտար երկիր մը Վատիկանին կը նուիրէ Կաղանդի Եղեւին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը24 Դեկտեմբերին Ծննդեան ճրագալոյցի Սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ գիշերուայ ժամը 10-ին Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։ Այս տարուայ պատարագին պիտի սպասաւորեն Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորները։ Իսկ 25 դեկտեմբերին Օր Ծննդեան Յիսուսի, Սուրբ Պատարագի աւարտին, կէսօրին, ինչպէս ամէն տարի Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Տաճարի Կեդրոնական Պատշգամէն համայն աշխարհին պիտի ուղղէ Ծնունդի Իր Պատգամը ,պատգամի աւարտին պիտի տայ՝ ՈՒՐՊԻ ԷԹ ՕՐՊԻ իր Առաքելական Օրհնութիւնը որ կը նշանակէ ՀՌՈՄ քաղաքին եւ Համայն աշխարհին։ Նախ քան իր Առաքելական Օրհնութիւնը Սրբազան Հայրը շուրջ 60 տարբեր լեզուներով պիտի շնորհաւորէ համապատասխան ազգերու հաւատացեալները ,ընդ որս Հայերէն լեզուով պիտի շնորհաւորէ աշխարհի բոլոր հայերու Սուրբ Ծնունդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.