2010-12-09 13:27:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան Տօնակատարութիւնը։


Չորեքշաբթի 8 դեկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը, յետմիջօրէին ուղղուեցաւ Հռոմի Սպանիա կոչուած հրապարակը ուր կը բարձրանայ ''Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ'' արձանը ։ Անոր ոտքին ծաղիկ զետեղելէ ու պահ մը աղօթելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց քարոզ մը։

Նորին Սրբութիւնը Վերակոչեց Ս. Կոյս Մարիամի Տիեզերական Պատգամը ''Ըլլալ Սուրբ, Անարատ Եւ Աստուծոյ Սիրեցեալ Որդիներ''

Սպանիա հրապարակին վրայ ուղղած իր պատգամին մէջ, Նորին սրբութիւնը մատնանշեց թէ՝ Ս. Կոյս Մարիամի յոյսի պատգամը ուղղուած է համայն աշխարհին։ Նոյնպէս ընդգծեց թէ՝ մարդկային ազգը մեծ ընտանիք մըն է եւ կը գերազանցէ ամէն ազգութիւն, գոյն եւ լեզու։
՜՜Սպանիա՝՝ հրապարակը բարձրացող՝ Ս. Կոյս Մարիամի արձանին առջեւ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց յոյսի պատգամը, ուղղուած՝ մայրաքաղաքի բոլոր անհատներուն ու համայն աշխարհի մարդոց։ Մարիամ, ըսաւ ան, մեզ կը հրաւիրէ բացուելու Ս. Հոգւոյն, որպէսզի կարենանք ձերբազատիլ չարէն։ Մարիամ մարդոց կ'ըսէ թէ ամէնքս կանչուած ենք ''ըլլալու սուրբ, անարատ եւ Աստուծոյ սիրեցեալ որդիներ''։
Ինչպէս կ'ուզէ աւանդութիւնը, հաստատուած 1958ին Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետէն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը աղօթեց եւ խօսք առաւ Ս. Կոյս Մարիամի արձանին ոտքը։ Նախապէս արձանին ոտքին զետեղեց սպիտակ վարդերով մեծ կողով մը։
Յայտնենք թէ Ս. Կոյս Մարիամի արձանը զետեղուած է 1857ին երջանկայիշատակ Պիոս Թ.ի կամքով, 20 մեթրնոց սիւնի մը վրայ Հռոմի ՜՜Սպանիա՝՝ կոչուած հրապարակը։
Նախապէս` Նորին Սրբութիւնը կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Աստուած չի հրաժարիր իր սիրոյ ծրագիրէն։ Արդարեւ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութիւնը ինքնին ներքին լոյսի, յոյսի եւ սփոփանքի աղբիւր է։
Ամէն օր, ըսաւ Սրբազան հայրը, ցաւով կը փորձարկենք չարութիւնը որ մեզի կը յայտնուի բազմազան երեւոյթներով ու եղանակներով։ Չարիքին արմատը կը գտնենք մարդու սրտին մէջ, սիրտ մը որ վիրաւորուած է, հիւանդ եւ անկարող ինքնաբուժուելու։ Այս չարին աղբիւրն է մարդու անհնազանդութիւնը Աստուծոյ կամքին։ Հակառակ մարդու ըմբոստութեան, ընդգծեց Սրբազան հայրը, Աստուած չի հրաժարիր իր սիրոյ ծրագիրէն։
Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան խորհուրդը կը մնայ մեզի համար լոյսի աղբիւր մը։ Կեանքի փոթորիկներու առջեւ, Մարիամ` Քրիստոսի մայրը, մեզի կ'ըսէ թէ ՜՜Շնորհքը աւելի հզօր է մեղքէն, թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը աւելի ուժեղ է չարէն եւ Աստուած կարող է բարեփոխել տառապանքը բարիքի՝՝։
Նշենք թէ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը հռչակուեցաւ 1854ին երջանկայիշատակ Պիոս Թ. քահանայապետի կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը պէտք չէ շփոթել ՜՜Յիսուսի կուսական յղացումին հետ Ս. Կոյս Մարիամէն՝՝։ Վերոյիշեալ վարդապետութիւնը կը պայմանադրէ թէ Քրիստոսի մայրը, բացառիկ շնորհքի մը զօրութեամբ, զերծ մնաց սկզբնական մեղքէն եւ ամէն տեսակի մեղքէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.