Եւրոպայի Մէջ Գործող Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպաններու Խորհրդակցութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր
7ին, Պրիւքսելի մէջ մասնակցած է ՝՝Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհուրդի ՝՝11-րդ նիստին։
Իսկ Դեկտեմբեր 6ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Փարիզի մէջ խորհրդակցութիւն
ունեցած է Եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ պաշտօնավարող
Հայաստանի Դեսպաններուն եւ մշտական Ներկայացուցիչներուն հետ, եւ անոնց ներկայացուցած
է Եւրոպական Միութեան հետ ծաւալող համագործակցութիւնը։ Նախարար Նալբանդեան յանձնարարականներ
տուած է եւրոպական կառոյցներուն մէջ ներգրաւուածութեան առաւել աշխուժացման եւ եւրոպական
կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման կապակցութեամբ։Միւս կողմէ սոյն
հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Դեկտեմբեր 1-2ին, Ասթանայի մէջ կայացած ԵԱՀԿ-ի
վեհաժողովին արդիւնքները։