2010-12-09 13:27:45

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մայրավանքի Մէջ Սքեմառութեան Արարողութիւն։


Չորեքշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2010-ին, Անարատ Յղութեան Տօնին օրը, Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքի մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ ընծայացու՝ Դէհմինէ Յարութիւնեանի Սքեմառութեան արարողութիւնը, Ս. Պատարագի ընթացքին զոր մատոյց եւ քարոզեց Հ. Գրիգորիս Ծ. Վ. Սերէնեան, Մխիթարեան Ուխտէն։
Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու եւ Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ դպրեվանքի նորընծաներէն Պետրոս Աստուծատուրեանի, եւ Տ Միքայէլ սրկ. Քայէլեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Պատարագին սկիզբը, մինչ երգչախումբը լսելի կ՝ընէր ՜՜Խորհուրդ Խորինը՝՝ մուտք գործեց ընծայացու Դէհմինէն, սպիտակ զգեստաւորումով՝ նման հարսի մը, նուիրուելու՝ երկնաւոր Փեսային Յիսուս Քրիստոսին։
Ս. գրային ընթերցումներէն ետք՝ պատարագիչ վարդապետը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ կրօնաւորական կեանքի վսեմ առաքելութեան մասին։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ սքեմառութեան արարողութիւնը,
Պատարագիչ վրդ.ը հարցուց ընծայացուին՝ Դեհմինէին թէ ի՞նչ կը խնդրէ Աստուծմէ, որուն ան՝ Դեհմինէ պատասխանեց. ՜՜կը խնդրեմ այս վանքին մէջ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մէջ ընդունուիլ՝՝ յայտնելով նաեւ՝ թէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան կանոնը եւ ապրելու եղանակը ճանչցած է եւ կրնայ պահել։
Ապա Հայր Գրիգորիս այս աղօթքը կատարեց. ՜՜Տէր Յիսուս դուն որ աշխարհ եկար փրկելու մարդկութիւնը իր մեղքերէն եւ տալու իրեն հօրենական փառքը։ Դարձուր նայուածքդ այս աղախինիդ վրայ, որ կը թողու աշխարհը ծառայելու Քեզի՝ այս Սուրբ մենաստանին մէջ։ Ողողէ անոր սիրտը Սուրբ Հոգւոյն շնորհներով, որպէսզի ճանչնայ եւ սիրէ Աստուած կատարելապէս։ Ըրէ որ իր կեանքի վախճանին, սրբուած՝ բոլոր մեղքերէն, հասնի երկնքի արքայութեան, ուր յաւիտեանս օրհնէ ու փառաբանէ Քեզ, Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ։
Ապա օրհնեց ընծայացուին սքեմը, գօտին, քօղը եւ ժամագիրքը ու յանձնեց զանոնք ընծայացուին, որպէսզի կրէ զանոնք, ու նաեւ տուաւ ձեռքը վառած մոմ մը, որմէ ետք խաչաձեւ կտրեց ընծայացուին մազերը, մինչ ան՝ ընծայացուն կ՝ըսէր. ՜՜Իմ ժառանգութեանս բաժինը դուն ես Տէր, բաժակիս ալ մասը, եւ գիտեմ թէ ժառանգութիւնս ինծի կը վերապահես՝՝։
Հուսկ՝ պատարագիչ Հայրը յայտարարեց նորընծային անունը ըսելով. սովորութիւն է որ ամէն անոնք , որոնք աշխարհը կը թողուն եւ կրօնաւորական կեանքը կ՝ընդգրկեն, իրենց անունը փոխեն, որպէս նշան կենցաղի փոփոխութեան, ուրեմն, դուն որ կը կոչուիս Դէհմինէ, ասկէ ետք պիտի կոչուիս Մարիամ։
Ս պատարագէն եւ սքեմառութեան արարողութենէն ետք նորընծայ Մարիամ եւ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհին՝ Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները։
Այս առթիւ պատրաստուած է սիրոյ սեղան մը որուն մասնակցեցան ներկաները ընտանեկան ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։
Մեր շնորհաւորութիւնները նորընծայուհի՝ Մարիամին ու Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Միաբանութեան անդամներուն, մաղթելով որ ՜՜ Միաբանութիւնը՝՝ առաւել ծաղկի նոր կոչումներով, ի սպաս հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգի զաւակներուն։
Նշենք նաեւ թէ՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու տօնացոյցի համաձայն այսօր 9 դեկտեմբերին կը յիշատակուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամի տօնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.