2010-12-09 13:02:53

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՝ուղղէ Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Նենսի Փելոսիին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին ներառելու՝ լիագումար նիստի Օրակարգին մէջ։


Նոյեմբերի միջանկեալ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Ամերիկեան Քոնկրեսին մեծամասնութիւնը կազմեցին Հանրապետականները, որոնց պիտի վստահուի նախագահի պաշտօնը՝ 2011 թուականէն սկսող նոր նստաշրջանին ընթացքին։
Ներկայ կազմով Քոնկրեսը կը շարունակէ թերեւս գործել 2 շաբաթ եւս, վերջին կարելիութիւն տալով Նենսի Փելոսիին լիագումար նիստին օրակարգին մէջ ներառելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը (կ՝ըսէ Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակի Բանբեր Եղիսաբէթ Չուլճեան)։ Ըստ անոր, Քոնկրեսի այս վերջին օրերը կը զուգադիպին ՄԱԿ-ի 1948-ի Ցեղասպանութեան դէմ փաստաթուղթի որդեգրման տարելիցին եւ այդ փաստաթուղթը ստորագրուած էր 8 դեկտեմբերին, ուրեմն ասիկա կարեւոր առիթ մըն է անգամ մը եւս Ամերիկայի կողմէ շատ հզօր ձեւով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։ Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի եւ հայամէտ միւս քոնկրեսականներուն հեղինակած թիւ 252 բանաձեւը այս տարուան գարնան հաւանութեան արժանացած էր Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնախումբին մէջ, սակայն ատիկա լիագումար նիստ մուտք չէր գործած, Սպիտակ Տան վարչակազմին եւ Թուրքիոյ գործադրած ջանքերուն պատճառով։
Ներկայիս (ըստ Չուլճեանի) Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւին կ՝աջակցին շուրջ 150 քոնկրեսականներ։ Ընդծելով, որ նմանատիպ բանաձեւեր Ներկայացուցիչներու Տան մէջ շրջանառութեան դրուած են տասնամեակներ շարունակ, սակայն լիարժէք քուէարկութեան չեն հասած, Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՝ուղղէ Նենսի Փելոսիին 2010 թուականը այս առումով դարձնելու վճռական տարի։







All the contents on this site are copyrighted ©.