2010-12-08 08:15:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ։


Այս առաւօտ ժամը 12ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ապա յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը, ուղղուեցաւ Սպանիա կոչուած հրապարակը ուր կը բարձրանայ արձանը ''Անարատ Յղութիւնը Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ''։ Անոր ոտքին ծաղիկ զետեղելէ ու պահ մը աղօթելէ ետք քարոզ մը պիտի արտասանէ։
Արդարեւ Հռոմ քաղաքը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ միասին կը մեծարեն մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը, բարձրացած' Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական Սպանիա կոչուած հրապարակին վրայ։ Հռոմի հրշէջները առաւօտեան ժամը 7.30ին շրջապատած էին Հռոմի կեդրոնը գտնուող ՜՜Սպանիա՝՝ անուան հրապարակը, ուր կը բարձրանայ Անարատ Յղութեան արձանը, մեծարելու՝ իրենց պաշտպան Սրբուհին։
Հրշէջներէն ամենէն տարեցին տրուեցաւ պատիւը որ բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ զետեղէ ծաղկեպսակ մը տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ ու ծափողջոյներով։
Յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անձամբ հրապարակը եկաւ եւ մեծարեց Ս. Կոյս Մարիամը անոր ոտքին առջեւ զետեղելով ծաղկեպսակ մը , ու խնդրելով Անոր բարեխօսութիւնը ի պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ, Հռոմ քաղաքին ու համայն մարդկութեան։
Յայտնենք թէ Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուեցաւ ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Սրբազան Քահանայապետի կամքով բարձրացաւ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ արձանը, շուրջ 30 մեթրնոց մարմարէ սիւնի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորեց արձանին բացման արարողութիւնը 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։ Արարողութեան կը մասնակցին մայրաքաղաքին քաղաքական թէ եկեղեցական ներկայացուցիչները,ծաղիկ զետեղելով յուշարձանին ոտքը։ Հաւատացեալները արշալոյսէն արդէն կը սկսած հոն հասնիլ ծաղիկ զետեղելու եւ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցելու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.