2010-12-08 08:22:31

8 դեկտեմբեր Տօն Անարատ Յղութեան ըստ Լատինաց


RealAudioMP3 00:11:31:20 Սիրելի հայրենակիցներ, չորեքշաբթի 8 դեկտեմբեր լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Ս, Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնը, իսկ Հայ եւ Արեւելեան եկեղեցիները այս մեծ տօնը կը յիշատակեն 9 դեեկտեմբերին։
Այս առթիւ մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը յայտնենք Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, որ միշտ եղած են լուսաւոր ջահերը հայ կնոջ դաստիարակութեան ու զարգացման։
Այսօր կ'ուզենք մեր հաղորդումը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրել Ս. Կոյս Մարիամին ոգեկոչելով Անոր կեանքին յիշատակելի դրուաքներ Յիսուսի Աւետումէն մինչեւ անոր Երկինք վերափոխումը։ Նոյնպէս պիտի շoշափենք ''Տիրամօր տեղը հայ եկեղեցւոյ մէջ'' ինչպէս նաեւ
''Ս. Աստուածածինը եւ Հայ կինը'' նիւթերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.