2010-12-07 15:39:08

Քիւրտեր Կ՛ընդունին Ցեղասպանութեան Իրենց Մեղսակցութիւնը


Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Տիգրանակերտի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ, ազգութեամբ քիւրտ Կալիփ Էնսարիօղլու Պոլսոյ մէջ յայտարարած է, թէ 1915ին «Երիտասարդ թուրքեր»ը հայերը կոտորելու համար իբրեւ գործիք օգտագործած են քիւրտերը. «Իբրեւ հանրութիւն՝ մենք ալ ունինք մեր մեղքի բաժինը։ Եթէ իթթիհատականները կ՛ուզէին ազգային պետութիւն ձեւաւորել, մենք՝ քիւրտերս, անոնց ձեռքին գործիք դարձանք։ Այդ ժամանակահատուածին, այս հողերուն վրայ ապրող բնակչութեան 25 առ հարիւրը ոչ մահմետականներ էին։ Հայերը կոտորեցին մեր ձեռքով», յայտարարած է Էնսարիօղլուն։Անդրադառնալով քրտական հարցին՝ Տիգրանակերտի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահը ընդգծած է, թէ այդ հարցը «այլեւս այդ հարցը ոչ միայն քիւրտերունն է, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիիոյ մէջ կ՛ապրին»։







All the contents on this site are copyrighted ©.