2010-12-07 13:02:28

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը Հունգարիոյ Վարչապետին Հետ։


Նորին Սրբութիւնը երկուշաբթի օրը՝ 6 դեկտեմբեր 2010-ին առաւօտեան ունկնդրութիւն շնորհեց Հունգարիոյ վարչապետ Տիար Վիգթոր Օրպանին, որմէ ետք վարժատերը հադիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերդիի հետ։
Սիրալիր հանդիպումի ընթացքին Հունգարիոյ վարչապետը ներկայացուց Հունգարիոյ իրավիճակը տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ։ Մատնանշուեցաւ նաեւ ազգային կեանքէն ներս քրիստոնէական աւանդութեան կարեւորութեան ու կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերին։ Հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ յառաջիկայ վեց ամիսներուն Հունգարիոյ Եւրոմիութեան նախագահութեան մասին, մատնանշելով Հունգարիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միատեսութիւնները` Եւրոպայի կեանքի հայող կարեւոր նիւթերու մասին ։ Ապա շօշափուեցան համագործակցութեան հայող նիւթեր։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 6 դեկտեմբերին ընդունեց նաեւ՝ գերապայծառ Հանս Ժոզէֆ Պեքեր` առաջնորդը Գերմանիոյ Պատերպորն թեմին։ Ան 2006էն ի վեր կը ղեկավարէ Գերմանիոյ դաստիարակութեան ու դպրոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.