2010-12-07 13:27:00

Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-Քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Մնայուն Յանձնախումբի Հանդիպումը։


Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-Քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքի, Ասորի Եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի 11 Մարտ 1998-ին, Գահիրէի մէջ գումարած պատմական հանդիպման առթիւ նշանակուած էր Մնայուն Յանձնախումբ մը, անոր անդամները, (Ղպտի Եկեղեցիէն՝ Պիշոյ Արքեպիսկոպոս եւ Մուսա Եպիսկոպոս, Ասորի Եկեղեցիէն՝ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոս եւ Մաթիաս Նայիս Արքեպիսկոպոս՝, եւ Հայ Եկեղեցիէն՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ Դեկտեմբեր 2ին, Գահիրէի մէջ, գումարեցին իրենց միօրեայ ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան այլ Եկեղեցիներու հետ կատարուող աստուածաբանական երկխօսութիւններն ու յարաբերութութիւնները, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս մասնակցութեան հարցերը, Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերակցութեան հետ կապերը, Քրիստոնէական Միջազգային Ֆորումի աշխատանքները եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած երեւոյթները








All the contents on this site are copyrighted ©.