2010-12-06 13:20:43

Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն Անթլիասի Մէջ։


Կիրակի 5 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան կրտսեր անդամներէն հինգ աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Անանիա Աբղ. Գուճանեան, Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեան, Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, Հոգշ. Տ. Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեան, Վարդապետական Մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները ստացան, ձեռամբ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպոյեանի: Ս. Պատարագը մատոյցեց, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Կրօնական Ժողովի ատենապետը՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան: Տուչութենէն ետք, գաւազան ստացած վարդապետները իրենց ծնողներուն հետ բարձրացան Վեհարան, ուր Վեհափառ Հայրապետին առջեւ ծնրադիր ստացան Նորին Սուրբ Օծութեան օրհնութիւնը ՙՊահպանիչ՚ով:








All the contents on this site are copyrighted ©.