2010-12-06 13:19:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հանդիպումները Վատիկանի Մօտ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն Հետ։


Իտալիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ նոր դեսպանը տիար ֆրանչեսքօ Կրեքօ` 17 դեկտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետին պիտի ներկայացնէ իր հաւատարմագրերը. ան կը յաջորդէ տիար Անթոնիօ Լանտի Զանարտիին։
Նախապէս Սրբազան Հայրը կ'ընդունի Հունգարիոյ վարչապետը տիար Վիքթոր Օրպան։
10 դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի տիկին Տալիա Կրիպոսքէ Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահը ։ Հունգարիան ներկայիս կը նախագահէ Եւրոպայի անվատանգութեան եւ համագործակցութեան խորհուրդը։
Իսկ 16 դեկտեմբերին, ինչպէս ամէն տարի` Նորին Սրբութիւնը կ'ընդունի բոլոր այն դեսպանները որոնց կեցութեան վայրը Ւտալիոյ սահմաններէն դուրս կը գտնուի։
10 յունուար 2011ի առաւօտեան,Սրբազան Քահանայապետը կ'ընդունի դիւանագիտական մարմինը, Ծննդեան եւ ամանորի բարեմաղթութիւններու առթիւ։ Նոյն առիթով Նորին Սրբութիւնը կարեւոր ու շատ սպասուած ճառ մը կ'արտասանէ ուղղուած աշխարհի բոլոր պետութիւներուն եւ ընդհանուր համապատկերով մը կը ներկայացնէ աշխարհի քաղաքական իրավիճակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.