2010-12-06 13:35:19

Հայաստանի Պատանիներու Հաւաքականը Ողիմպիականի Ախոյեան Թուրքիոյ Մէջ։


Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ ճատրակի (16 տարեկանէն վար) պատանիներու միջազգային ողիմպիականը, որ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Հայաստան, որ առաջին անգամ 1998-ին հանդիսացած էր ախոյեան, երկրորդ անամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին՝ ապահովելով 30,5 կէտ։
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային պատանիներու Ողիմպիականին (16 տարեկանէն վար), Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը տիրացաւ տիտղոսին՝ մրցաշարքը աւարտելով առանց պարտութիւն մը իսկ կրելու։ Հայրենի կազմը տիտղոսը ապահովեց 9-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ։ Այս մրցումին Կարէն Գրիգորեան եւ Ռոպերթ Աղասարեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Յովհաննէս Կապուզեան եւ Դաւիթ Շահինեան՝ հաւասարութիւն։ Նշենք, որ հաւաքականին մաս կազմող հինգերորդ պատանին էր Տիգրան Ս Պետրոսեան, իսկ անոնց մարզիչը՝ Արսէն Եղիազարեան։
Այսպէս Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ողիմպիականի ախոյեան։ Նախապէս Հայաստան 1998-ին հանդիսացաւ ախոյեան, երբ այդ տարին խումբին մաս կը կազմէին Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիրան Լ Պետրոսեան եւ Վարուժան Յակոբեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.