Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Կեդրոնական Մարմնի Անդրանիկ Նիստը
Պէյրութի Մէջ։
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներու կեդրոնական մարմինը իր անդրանիկ
նիստը գումարեց շաբաթ, 4 դեկտեմբերին (2010), Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։
Ժողովին ներկայ գտնուեցան գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան, տիարք՝ Սարգիս Նաճարեան,
Րոպէրթ Աթթարեան, Ժորժ Միրիաթեան, Կրէկուար Գալուստ եւ Համբի Էլմաճեան։ Ժողովը
սկիզբ առաւ աղօթքով. ապա ներկաները քննարկեցին 10-24 հոկտեմբեր Վատիկանի մէջ գումարուած
Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսի առաջադրանքները, ներկայ ժամանակաշրջանի
ընկերային հաղորդամիջոցներուն վերապահուած հիմնական դերակատարութեան մասին։ Այս շրջագիծէն
ներս, անոնք գնահատեցին հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներուն գործունէութիւնը եւ
քրիստոնէական վկայութիւնը հաղորդելու եւ զարգացնելու համար անոնց կողմէ թափուած ջանքերը։
Ժողովականները անդրադարձան հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու ներկայ իրավիճակին։
Այս շրջագիծէն ներս ծրագրուեցան միջոցառումներ՝ միացեալ պատկերացում մը եւ հեռանկար մը
որդեգրելու նպատակով։ Այնուհետեւ, ժողովին ներկայացուեցան գործնական առաջարկներ հետեւեալ
առաջադրանքներով՝ -Ընկերային հաղորդամիջոցներու աշխատանքի կեդրոնացում եւ համագործակցութիւն,
տարբեր միջոցներուն միջեւ։ Այս ծիրէն ներս որոշուեցաւ պատրաստել ցուցակ մը (ցանկ մը)
տարբեր թեմերէն եւ շրջաններէն ներս գործող հայ կաթողիկէ բոլոր ընկերային հաղորդամիջոցներուն
մասին։ -Յաջորդականութիւն ապահովել, պատրաստելով նոր սերունդը, կազմաւորման յատուկ
ծրագիրներու միջոցաւ (stage program)։ -Հայ կաթողիկէ ՜՜Մամուլի Օր՝՝ մը հռչակել։ -Այս
առթիւ նաեւ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի պատրաստութիւն։
Այս գծով համագումարին որպէս խորագիր «հաղորդամիջոցները ամպիոն վկայութեան»։ Առաջարկուեցաւ
նաեւ ժողովին հաւանական թուականը ճշդել եւ ընդհանուր օրակարգը պատրաստել տարբեր հաղորդամիջոցներուն
ուղղուած հարցաթերթիկներու ճամբով։ -Հայկական մանրանկար մը պատրաստել, ներշնչուելով
հայ կաթողիկէ պատրիարքական երրորդ համագումարի խորագիրէն։ Ժողովի աւարտին, ամենապատիւ
եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս
հանդիպումին, որուն ներկայութեան տեղի ունեցաւ ժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութեան ընթերցումը
հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Ապա հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան փոխանցեց հայ կաթողիկէ
ընկերային հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ՝ հայր Ռաֆայէլ թ.ծ.վ.
Մինասեանին բարեմաղթութիւնները սոյն հանդիպման մասնակիցներուն եւ շնորհակալութեան խօսք
ուղղեց անոնց։ Ժողովը փակուեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ խօսքով եւ օրհնութեամբ։
Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ կաթողիկէ ինքնութեան կառչելու կարեւորութիւնը եւ կարեւոր
նկատեց մեր հաւաքականութեան որակը եւ կարողականութիւնը։