2010-12-06 13:19:50

Կարտինալ Պերթոնէն Կ՛աւարտէ Ղազախիսդան կատարած Վեցօրուայ Ճամբորդութիւնը։


Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն 4 դեկտեմբերին մատուցած Սուրբ Պատարագով եզրափակեց Ղազախիսդան կատարած վեց օրուայ ճամբորդութիւնը որուն ընթացքին հրաւիրեց հաւատացեալները ՜՜ անջատուելու այն տեսողութենէն թէ մարդ արարածը ունի միայն տեսանելի հորիզոնական չափանիշ, ու անդրադառնալու այն ուղղահայեաց տեսողութեան` որ շատ անգամ անտեսանելի է՝՝։ Գարականտա քաղաքի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որ Մայրաքաղաք Ասդանայէն 200 քմ հեռու կը գտնուի, ան խրախուսեց Ղազախիսդանցի ժողովուրդը որ կորուստի չմատնուի ամէնօրեայ այն երեւոյթներու դիմաց որոնցմով շրջապատուած են, եւ որ այնպէս մը ցղյց կու տան որ ուրիշ ոչ մէն բան գոյութիւն ունի։
Վատիկանի Պետական Քարտուղարը հուսկ նշեց թէ ՜՜անհատի հանդէպ յարգանգը, անձնական համոզումներու հարդերձ` պայմանն է մարդկային իսկական համակեցութեան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.