2010-12-05 14:12:46

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ

Արշամ Խոնդկարեան (1881-1965).


Դեկտեմբեր 1ին, 45 տարի առաջ, Փարիզի մէջ, 84 տարեկանին կը մահանար Արշամ Խոնդկարեան՝ Հայաստանի Անկախութեան սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։ Ռուսահայ քաղաքական մտքի ինքնուրոյն մարմնաւորում մը եղաւ Արշամ Խոնդկարեան, որ ռուսական Սոցիալիստ-Յեղափոխական շարժումին աշխոյժ մասնակիցներէն էր՝ քաղաքական-հասարակական նոյն այդ հոսանքին դրօշակիրը դառնալով Հայ իրականութեան մէջ։





Ծնած էր 1881ի Յուլիսին Իգտիրի Հախվերէս գիւղը, աւարտած էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ վկայուած էր Օտեսսայի համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղէն։



Ճեմարանի մէջ իր ուսանողութեան շրջանէն իսկ, Արշամ Խոնդկարեան ուշադրութիւն գրաւած էր գաղափարական իր աշխուժութեամբ ու մտաւորական իր պաշարով եւ ընդունակութիւններով։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցած էր ցարական կարգերու դէմ ծաւալած ուսանողական եւ յեղափոխական պայքարներուն՝ դառնալով Անդրկովկասի մէջ սոցիալիստ-յեղափոխականներու ամէնէն փայլուն եւ ղեկավար գործիչներէն մէկը։



Իբրեւ այդպիսին՝ Արշամ Խոնդկարեան Անդրկովկասը ներկայացնող քաղաքական կարեւոր գործիչներէն մէկը եղաւ 1917ի ռուսական մեծ յեղափոխութեան ժամանակ։ Քերենսկիի ժամանակաւոր իշխանութեան շրջանին, երբ ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականները տիրական ներկայութիւն հաստատած էին քաղաքական բեմի վրայ, Արշամ Խոնդկարեան արժանաւորապէս ներկայացուց միեւնոյն այդ հոսանքը Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին մէջ՝ պատմական մեծակշիռ վերիվայրումներու այդ հանգրուանին ցուցաբերելով հայ ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-պետական գործիչի ուշագրաւ ընդունակութիւններ։



Իբրեւ այդպիսին, երբ Անդրկովկասեան Սէյմը քայքայուեցաւ եւ Հայաստան նուաճեց իր անկախութիւնը, Արշամ Խոնդկարեան սոցիալիստ-յեղափոխականները ներկայացուց նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին օրէնսդիր ժողովին՝ Հայաստանի Խորհուրդին մէջ։ Այնուհետեւ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, սերտ գործակցութեան մէջ եղաւ Դաշնակցութեան հետ եւ արժանացաւ Արդարադատութեան Նախարարի պատասխանատուութեան։



Արշամ Խոնդկարեան երբեք չհաշտուեցաւ պոլշեւիկեան մտայնութեան հետ՝ յանուն սոցիալ-դեմոկրատիայի պոլշեւիկներու որդեգրած քաղաքական-ռազմավարական թէ գաղափարական-կազմակերպական ուղղութիւնները մերժելով եւ զանոնք հիմնաւոր քննադատութեան ենթարկելով։ Այդ ճամբով ալ, երբ ՝՝Լենին-Քեմալ՝՝ սադրանքով կործանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արշամ Խոնդկարեան իր կարգին 1921ին անցաւ արտասահման, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուրկէ աւելի քան քառասուն տարի հրապարակագրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ առաւելաբար խորհրդային կարգերու քննադատութեան նուիրելով իր ուժերը։



Քաղաքական իր փորձառութեամբ եւ հրապարակագրական ջղուտ գրչով՝ Արշամ Խոնդկարեան ամբողջ տասնամեակներ լուսարձակի տակ պահեց խորհրդահայ իրականութիւնը։ Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ ՝՝Հայրենք՝՝ Ամսագրին, ամսական հերթականութեամբ պատրաստելով Խորհրդահայ կեանքի բաժինը, Ա.Ա. ստորագրութեամբ։ Ուսումնասիրական եւ յուշագրական էջերով աշխատակցեցաւ նաեւ Ս. Վրացեանի խմբագրած ՝՝Վէմ՝՝ հանդէսին։ Նոյնպէս աշխատակցեցաւ Շ. Միսաքեանի ՝՝Յառաջ՝՝ին։



Արշամ Խոնդկարեանի տարիներու երազը՝ Հայաստանը վերստին տեսնելու, իրականացաւ շատ ուշ։ 1964ի ամրան այցելեց Հայաստան, բայց արդէն տարիքը յառաջացած էր եւ այդ այցէն տարի մը ետք ան առյաւէտ փակեց իր աչքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.