Հայ Բանաստեղծներու Գործերը Արուեստագէտներու Գիրքերու Ընդմէջէն։
Հովանաւորութեամբ Հռոմ մայրաքաղաքի մշակութային եւ հաղորդակցութեանց քաղաքապետական յանձնաժողովին,
եւ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան, ու մասնակցութեամբը՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին,
Ուրբաթ 10 դեկտեմբերի 2010-ին ժամը 18-ին, Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ներքնաբակին
մէջ տեղի պիտի ունենայ ՜՜Հայ բանաստեղծներու գործերը արուեստագէտներու գիրքերու ընդմէջէն՝՝
բնանիւթով արուեստագիտական բնոյթ ունեցող գիրքերու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման, ցուցահանդէսը
պիտի տեւէ մինչեւ 6 Յունուար -2011 ։
Այս առթիւ իրենց գործերը պիտի ներկայացնեն
Loredana Alicino, Valeria Bertesina, André Beuchat, Marina Biagini, Piero de Macchi,
Zeljka Micanovic, Denise Mingardi, Gigliola Terenna, եւ Dario Zeruto-ն։
Սոյն
ցուցահանդէսը տեղի կ՝ունենայ մեկենասութեամբ' FASTWEB եւ RENCO ընկերութիւններուն։