2010-12-04 12:50:51

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Ս. Անդրէաս Առաքեալի Մէկ Մասունքը Կը Նուիրէ Ասդանայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ։


Ղազախիստանի Ասդանա թեմին մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին` կարտինալ Պերթոնէ` Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, 3 դեկտեմբերին հաւատացեալներուն նուիրեց Ս. Անդրէաս առաքեալի մէկ մասունքը, ինչպէս նախապէս կատարած էր քաղաքի օրթոտոքս եկեղեցւոյ, անցեալ 30 նոյեմբերին։
Այս Պատարագով կարտինալ Պերթոնէ եզրափակեց իր ճամբորդութիւնը Խազախիստան։
Յայտնենք թէ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը, Ղազախիստանի մէջ մասնակցեցաւ՝ Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի մէջ 1 եւ 2 դեկտեմբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.