2010-12-04 12:52:03

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Նուիրուած Գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի։


Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան, Անթիլիասի Գալուստ Կիւլպենկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ մտաւորական, գրականագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ կրթական մշակ Պօղոս Սնապեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պետական գործիչներու, քաղաքապետերու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գրասէրներու, եւ Պօղոս Սնապեանի հարազատներուն ու աշակերտներուն։
Պօղոս Սնապեանի տասնամեակներու իրագործումները հերթաբար թուելէ ետք Յովհաննէսեան նշեց, որ Սնապեանի յաջողութեան գրաւականը յարատեւ աշխատանքն է եւ գործը յարատեւ կերպով հետապնդելու կամքը, քանի որ ինք որեւէ ատեն չէ տեսնուած առանց աշխատանքի։
Պօղոս Սնապեանի մեծարանքի երեկոյին աւարտին Գերշ. Տ. Նորայր եպս. Աշըգեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ նշուած է, որ Սնապեան սփիւռքահայ գրականութեան հաւատաւոր նուիրեալն է, որ ծառայած է գրականութեան եւ կաթողիկոսարանի գործունէութեան։ Օրհնութեան Գիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնած է, որ Սնապեան վերանորոգ ուխտով շարունակէ իր երթը։
Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ջութակահար Յովիկ Գարախանեան եւ դաշնակահար Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, որոնք նուագեցին Կոմիտասի ՜՜Կռունկ՝՝ ու ՜՜Ծիրանի ծառը՝՝ գործերը։ Պօղոս Սնապեանի ՜՜Հողը՝՝ արձակ գրութիւնը ասմունքեց Յաւերժ Շխրտըմեան ապա Յարութիւն Քիւրքճեան ներկայացուց ՜՜Ծաղկաքաղ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան՝՝ հատորները, ան նշեց, որ այս հատորները կը միտին գրականութիւնը դարձնել մեր կեանքին մէկ մասը եւ վառ պահել ապրելու հաւատքը։
Ձեռնարկէն ետք կատարուեցաւ Համազգայինի 80-ամեակին առիթով լոյս տեսած ՜՜Ծաղկաքաղ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան՝՝ զոյգ հատորներուն մակագրումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.