2010-12-04 12:32:42

Զուիցերիոյ Նոր Դեսպանի Հաւատարմագրերու Ներկայացումը՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։


Զուիցերիոյ Դաշնակցութեան Հայաստանի մօտ Նոր Դեսպանը Կունթեր Բեխլեր Նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց իր հաւատարմագրերը։ Նախագահը շնորհաւորեց դեսպանը եւ ընդգծեց որ Հայաստանը շահագրգռուած է Զուիցերիոյ Դաշնակցութեան հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու գծով, որը զգալիօրէն պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ վերջին շրջանին ձեւաւորուած գործօն երկխօսութիւնը : Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ Կառավարութեան ` Հայաստանի ցուցաբերած օժանդակութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի կենսագործունէութեան ի խնդիր բարենպաստ պայմաններու ստեղծման համար: Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերէն անդին, զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային խնդիրներուն :
Դեսպան Կունթեր Բեխլեր ընդգծած է որ Զուիիցերիան կը շարունակէ տարածաշրջանէն ներս ի գործ դնել խաղաղութեան հաստատման ու ամրապնդման ուղղուած իր ջանքերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.