2010-12-03 12:26:59

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի Այցելութիւնը Խազախիստան, Հանդիպում Տեղական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ու Հաւատացեալներուն Հետ Եւ Մասնակցութիւն Եւրոպայի Անվտանգութեան Ու Համագործակցութեան Վեհաժողովին։


Խօսք առնելով Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան վեհաժողովին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան պայքար մղելու քրիստոնեաներուն անհանդրժողութեան ու խտրականութեան դէմ։ Քրիստոնեաները, ըսաւ Վատիկանի առաջին դիւանագէտը, ամենէն աւելի հալածանք կը կրեն աշխարհին մէջ։ Ան մատնանշեց թէ քրիստոնեաները ամենէն շատ հարստահարուած են ու կը սպաննուին ինչպէս նաեւ նեղութիւն կը կրեն կարգ մը պետական իշխանութիւններու կողմէ։
Իր երկարաշունջ ճառով կարտինալ Պերթոնէ նաեւ շօշափեց մարմնավաճառութեան հարցը, մարդու շահագործումը, գաղթականներու իրաւունքը, բնապահպանութիւնը, ջուրի մատակարարումը եւ ապազինումը եւ տնտեսական տագնապը։
Յայտնենք թէ Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան խորհուրդին մաս կը կազմեն 56 պետութիւններ։
Խազախիստանը կը հաշուէ շուրջ 15 միլիոն բնակիչ, մեծամասնութեամբ մահմետական, բնակչութեան 13 տոկոսը օրթոտոքս են իսկ կաթողիկէները կը հաշուեն շուրջ 200.000 հաւատացեալներ։ Քրիստոնեաները հետզհետէ սեղմումներ կը գտնեն պետութեան կողմէ։ Քրիստոնեայ միսիոնարները մեծ դժուարութեամբ անցագիր կը ստանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.