2010-12-03 13:03:04

Չեխ Եւ Սլովաք Հանրապետութիւնները Կը Պատրաստուին Լաւագոյն Կերպով Տօնախմբելու Սլաւ Առաքեալներու` Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու Յոբելեանը։


2013-ին 1.150րդ տարեդարձն է Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու Մեծ Մորավիայի թագաւորութիւն մուտքը ։ Երկու եկեղեցիներու եպիսկոպոսական դասերը մեծապէս կը յուսան որ յոբելենական տօնախմբութիւնները պսակուին Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ։ Արդարեւ անցեալ 10 Նոյեմբերին սլովաք եպիսկոպոսական դասը պաշտօնապէս հրաւէր ուղղած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, գլխաւորելու տօնակատարութիւնը՝ երկու սուրբ եղբայրներու` Կիրեղ եւ Մեթոտիոս առաքելաներու քարոզութեան սլավ ժողովուրդներուն։ Չեխ եկեղեցւոյ համար տօնակատարութեան վայրը պիտի ըլլայ Վելեհրատ, իսկ Սլովաք եկեղեցւոյ համար Նիդրա` իշխանական նստավայրը մեծ Նորավիայի թագաւորութեան։ Երկու սուրբ եղբայրներու մասունքները մէկ Յունուար 2011էն սկսեալ պիտի տեղափոխադրուին թեմէ թեմ առիթ տալու սլաւ ժողովուրդներուն մեծարելու իրենց սուրբ լուսաւորիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.