2010-12-03 13:51:58

Թրքահայերը Պատրիարքի Ընտրութիւն Կը Պահանջեն.


Թրքահայ երիտասարդներէ կազմուած «Կը փափաքինք ընտրել մեր պատրիարքը» կոչուող խումբը, թրքահայութեան հիւանդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի փոխարէն նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու պահանջքով՝ կարճ ժամանակի ընթացքին կրցած են 5359 ստորագրութիւն հաւաքել: Ըստ թրքական լրատուական միջոցներու, թրքահայ երիտասարդութեան զայրոյթը սկսած է այն բանէն ետք, երբ պատրիարք Մութաֆեանի ծանր հիւանդութեան պատճառով թրքական կառավարութիւնը Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը նշանակած է պատրիարքի ընդհանուր տեղակալ: Նոր պատրիարքի ընտրութիւն պահանջող խումբին կատարած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Հայոց Պատրիարքը Մութաֆեան երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապի ուղեղի հետ կապուած անբուժելի հիւանդութենէ: Հայկական եկեղեցիի աւանդոյթին մէջ բացակայող տիտղոս յայտնագործելով՝ կառավարութիւնը պատրիարքի փոխանորդ նշանակած է Արամ արք. Աթեշեանը, թրքահայերուն ձեռքէն վերցնելով սեփական պատրիարք ընտրելու դարեր շարունակ գործող իրաւունքը»:
Պոլսոյ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոպեր Քոփթաշ այս կապակցութեամբ ըսած է. «Հոս առկայ է ե՛ւ կառավարութեան ե՛ւ պատրիարքարանին սխալը: Ստեղծուած իրավիճակը կը բնութագրենք իբրեւ կառավարութեան միջամտութիւն՝ հայկական համայնքի ներքին գործերուն: Ներկայիս արքեպիսկոպոս Աթեշեան, փաստօրէն, պատրիարքի պաշտօն կը կատարէ: Այս իրողութիւնը, Աթեշեանէն բացի միւս թեկնածուները ընտրուելու իրաւունքէ զրկել կը նշանակէ»: Ան նաեւ կոչ ըրած է կառավարութեան եւ պատրիարքարանին, որ լսեն երիտասարդութեան ձայնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.