2010-12-03 12:29:57

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Այսօր պիտի խօսինք սովետահայ երաժշտագէտ Ռոպէր Աթայեանի մասին:
Հայազգի երաժշտագէտ երաժշտահան եւ ֆոլքլորիստ՝ Ռոպէր Արշակի Աթայեան ծնած է 1915-ին Թեհրանի մէջ, 1962-էն եղած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ։ 1923-ին յաճախած է Երեւանի երաժշտանոց հետեւելով երաժշտահանութեան դասընթացքներուն եւ աւարտած 1941ին եւ 1944-էն սկսած է այնտեղ երաժշտական տեսական նիւթեր դասաւանդել ։ 1962-էն եղած է երաժշտութեան տեսութեան եւ ստեղծագործութեան ամպիոնի վարիչ։ Ան ուսումնասիրած է հայկական միջնադարեան երաժշտութիւնը եւ խազային նօթագրութիւնը, կազմած եւ խմբագրած է Կոմիտասի աշխատութիւններու ակադեմիական հրատարակութիւնը։ Նշանաւոր են Աթայեանի Սենեկային-գործիքային, ձայնային ստեղծագործութիւնները, ու ժողովրդական երաժշտութեան ու տաղերու մշակումները։ Եղած է մեծ երաժշտութեան մեծ ուսուցիչ ու մասնակցած բազմաթիւ քոնկրէսներու։ Պարգեւատրուած է ՜՜Պատւոյ նշան՝՝ շքանշանով։ Իր երկերէն յիշենք. Ձեռնարկ Հայկական Ձայնագրութեան (1950-ին) Հայկական խազային Նոթագրութիւնը 1959 եւայլն...
Հայազգի այս մեծ երաժիշտը՝ Ռոպէր Աթայեան վախճանած է 1994-ին Լոս Անճըլըսի մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.