2010-12-03 13:27:06

Աւելի Քան 30 հազար Երիտասարդներ Կը Սպասուին Ռոդերտամ, Մասնակցելու՝ Թեզէի Հասարակութեան 33րդ Եւրոպական Հանդիպումին։


Հանդիպումին նպատակն է փնտռել հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը քրիստոնեաներու ու ժողովուրդներու միջեւ։
Թեզէի հասարակութեան 33րդ եւրոպական հանդիպումը սկիզբ կ'առնէ դեկտեմբեր 28-էն յունուար մէկ, Ռոդերտամ քաղաքին մէջ Ներլանտայի կաթողիկէ ու բողոքական եկեղեցիներու նախաձեռնութեամբ։ Հինգ օրերու ընթացքին, երիտասարդները միասին պիտի բաժնեն իրենց մտահոգութիւնները, յոյսերը, ակնկալութիւններն ու աղօթքը միասնաբար ընթանալու հաշտութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.