2010-12-03 13:24:08

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Միւֆթի Քապպանիի Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն։


Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիին կողմէ: Միւֆթի Քապպանի վեհափառին յայտնեց իր խոր ընդվզումը վերջերս Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ եղած բռնարարքներուն եւ ոճրային արարքներուն նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ դարեր շարունակ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութիւն տեղի ունեցած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ եւ նման երեւոյթներ անընդունելի են: Ապա ան առաջարկեց, որ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետեր այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն մը կատարեն՝ միաժամանակ յայտնելով, որ ինք պատրաստ է Եգիպտոսի ու Սէուտական Արաբիոյ եւ իսլամական այլ երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ կապ պահելու՝ նաեւ ապահովելու համար անոնց զօրակցութիւնը: Ողջունելով միւֆթի Քապպանիի այս գնահատելի նախաձեռնութիւնը վեհափառը հաստատեց, որ գոյութիւն ունի երկար դարերու վրայ տարածուած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հարուստ փորձառութիւն մը, որ երբեք պէտք չէ ստուեր ունենայ եւ անհրաժեշտ է առաւել ամրապնդել զայն: Առ այդ, վեհափառը առաջարկեց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբը յայտարարութեան ուրուագիծ մը պատրաստէ, որպէսզի անոր հիման վրայ խորհրդակցութիւն ունենան հոգեւոր պետերը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Զաքքա Ա. Պատրիարքին Ներկայացուցիչի հանդիպում։
Երեքշաբթի 30 նոյեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսը: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդէն ղպտի եկեղեցւոյ անդամակցութեան դադրեցման հարցը, ինչպէս նաեւ՝ հայ, ասորի եւ ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած խնդիրներ: Ի Դէպ երեք սրբազանները Գահիրէի մէջ հանդիպում պիտի ունենան ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. պատրիարքին հետ եւ պիտի մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ պատրիարքութեան միջեւ շուրջ տասը տարիներ առաջ ստեղծուած գործակցութեան յանձնախումբի ժողովին:








All the contents on this site are copyrighted ©.