2010-12-02 15:01:54

Սուրբ Պատարագ եւ դասախօսական հանդիպում Եգիպտոսի մէջ.


Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան Կիրակի, 28 նոյեմբերի երեկոյեան՝ բանախօսեց Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսին մասին ։
Բանախօսութենէն առաջ , ՜՜Սրբուհի Թերեզա՝ Մանուկ Յիսուսի՝՝ նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, արհիապատիւ Գրիգոր եպ. Գուսան մատոյց հայածէս Ս Պատարագ, որուն ներկայ էր ՝ Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ Ղպտիներու պատրիարքը, որ վերջերս (21 Նոյեմբերին) ստացած էր կարտինալի աստիճանը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետէն։ Ներկայ էին նաեւ Գահիրէի եւ Հելիոբոլիսի հայ կաթողիկէ քահանաները, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, միութիւններու եւ եղբայրութիւններու անդամները, եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Սուրբ գրային ընթերցումէն ետք, Սրբազանը՝ Գրիգոր եպ. Գուսա քարոզ մը արտասանեց ներշնչուած՝ սիւնոդոսի աշխատասիրութեան նիւթ հանդիսացած թեմայէն ՜՜Հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր՝՝
հաւատացեալներէն եւ եղբայրութիւններէն խնդրելով խորանալ հաւատքի մէջ եւ գործել եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպին իր ներկայութեան համար շնորհաւորելով ու բարեմաղթութիւնները յայտնելով իրեն այս նոր աստիկանին համար։
Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան, եկեղեցւոյ կից գնտուող հոգեւոր ուսումնասիրութիւններու եւ հովուական տեսչութիւններու կեդրոն ուր արհիապատիւ առաջնորդը՝ Գրիգոր եպ. Գուսան բանախօսեց խօսելով յայտկապէս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու յատուկ սիւնոդոսին կարեւորութեան մասին, ՜՜Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն՝՝ թեմայով , որ տեղի ունեցաւ 10-24 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ, նախագահութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին եւ որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի կաթողիկէ բոլոր պատրիարքներն ու առաջնորդները, կրօնաւորական հաստատութիւններու մեծաւորները եւ քահնաներ, քոյր եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ աշխարհի բոլոր կողմերէն։
Առաջնորդը՝ պարզեց թղթածրարը ընդհանուր տեղեկութիւններով, խօսեցաւ զանազան եկեղեցիներու պետերու միջամտութիւններուն եւ առաջարկներուն մասին։
Կարտինալը եւ Սրբազանը այս առթիւ պատասխանեցին ներկաներու ուղղած հարցումներուն։
Աւարտին՝ Գրիգոր Եպ Գուսան պարգեւատրեց պրն. Րուբէն Մուրատ Նալպանտեանը, 50 տարիէ ի վեր մեծ նուիրումով համայնքին եւ եկեղեցւոյ համար կատարած իր ծառայութիւններուն համար։ Բարեգործական Հաստատութեան անդամները եւս ուզեցին իրենց շնորհակալութեան ու սիրոյ զգացումները արտայայտել պրն. Նալպանտեանին, նուիրելով անոր Տիրամօր յուշամետալը։
Այս առթիւ ի պատիւ մեծարեալին սարքուած էր սիրոյ սեղան մը որուն մասնակցեցան ընտանեկան պարագաները, հարազատները, բարեկամները եւ համայնքի անդամներ։









All the contents on this site are copyrighted ©.