2010-12-02 14:53:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Այս առաւօտ կանուխ, նորին սրբութիւնը պատարագ մատուցեց Մանուէլա Գամանյիի հոգւոյն համար։ Ան սրբազան քահանայապետի ծառայող քոյրերու միաբանութեան անդամ էր եւ անցեալ շաբաթ զոհ գացած էր ինքնաշարժի արկածի մը։
Ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Հունգարիոյ Դեսպան` Տիար Կապոր Կիրիվանյիի` որ իր հաւատարմագրերը ներկայացուց Սրբազան Հօր։
Ապա հանդիպում ունեցաւ Կարտինալ Անտրէ Վէնդրուայի՝ Փարիզի Արքեպիսկոպոս եւ ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի նախագահին, ու իրեն ընկերացող երկու փոխ նախագահներու` Գերապայածառ Լորան Ուրլիխ եւ Գերապայծառ Հիբբոլիթ Սիմոնի եւ ընդհանուր քարտուղար՝ Գերապայծառ Անթուան Հէրուարտի հետ։
Ժամը 11.35-ին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Փիլիպեան Կղզեխումբի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին
Երէկ Չորեքշաբթի 1 դեկտեմբերին՝ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Տիար Թէօտորօ Նկէմա Մպազոկոն՝ Կուինէայի Նախագահը, ապա ընդունեց Իրաքի ահաբեկչական արարքի խումբ մը վիրաւորեալներ։ Իսկ վաղը Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Գոսդա Րիգայի Դեսպանը որ պիտի ներկայացնէ իր հաւատարմագրերը Սրբազան Հօր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.