2010-12-02 12:52:14

Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումները Ասթանայի Մէջ։


Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու եւ պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյի, Մեծն Բրիտանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, փոխվարչապետ Նիք Քլեկի եւ Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հետ։
Սերժ Սարգսեան Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյի հետ քննարկեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող տարբեր հարցեր։ Զրուցակիցները մասնաւորաբար անդրադարձան Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին ծիրին մէջ արտօնագիրներու դրութեան մեղմացման, առեւտուրի ազատականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան հաւանական աջակցութեան։ Սերժ Սարգսեան եւ Հերման Վան Ռոմփոյ քննարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ յուլիսին սկսած բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր։
Մեծն Բրիտանիոյ փոխ-վարչապետ Նիք Քլեկի հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան զրուցեց Հայաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ներդրումներու խրախուսման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու խորացման առնչուող նիւթերու շուրջ։ Իսկ Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-սերպիական յարաբերութիւններուն վերաբերող կարգ մը հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.