2010-12-02 12:56:45

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Ասթանայի մէջ հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Ասթանայի մէջ հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը հաստատեն իրենց պարտաւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծման հասնելու Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին հիման վրայ։ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կ՝ըսուի, որ եկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ առաւել վճռական ջանքեր գործադրելու ժամանակը։ Միւս կողմէ Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոն Ասթանայի մէջ ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ Ֆրանսա՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման աջակցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.